Ազգային Ուսումնական Խորհուրդը (ԱՈՒԽ) Հայ Օգնության Միութեան հետ համատեղ ծրագիր է եւ կը կառավարուի Վարիչ Տնօրէնի կողմէ` յանձնախումբի անդամներուն օժանդակութեամբ եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ: ANEC-ը Ազգային Առաջնորդարանին հովանաւորութիւնը վայելելով դպրոցներուն օժանդակութեան իր բաժինը կը բերէ ուսումնական հարցերու մէջ, հոն ուր կարիքը կայ։ Անոր առաքելութեան հիմնական բաժինը ուսուցման նիւթերու ու միջոցներու հայթայթումն է։
HyeTeachersHubը հիանալի վայր է մեր մանկավարժներուն համար՝ իրարու ծանօթանալու եւ փորձառութիւններ փոխանակելու ու հաւաքական քննարկումներ կատարելու։
Յոյսով ենք, որ այս առաջին փորձը կը յաջողի ու կը զարգանայ մէկտեղելով մեր ուսուցիչներու ցանցը եւ ժամանակի ընթացքին՝ իւրաքանչիւրս քար-քարի վրայ դնելով կը բարձրացնենք ուսուցման յաջող կառոյց մը։